2011-10-25 14:21:50

Սուրբ Երկիր։ Ըստ Երուսաղէմի Թուալ Պատրիարքին` Արաբական Գարունը Դարձաւ Աշուն ու Ապա Ձմեռ։


Սուրբ Երկրի՝ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը ֆուատ Թուալ, Միջին Արեւելքի Սիւնոտոսի առաջին տարեդարձին առթիւ, (Սիւնոդոսը տեղի ունեցած էր 2010-ի՝ 10-24 հոկտեմբեր) յայտարարած է թէ ՝ <<Արաբական Գարունը ժամանակի ընթացքին դարձած է աշուն ու ապա ձմեռ։
Առաջին ժամանակաշրջանին, ըսած է Թուալ պատրիարքը, կրօնամալութիւն կամ քաղաքական խտրականութիւններ չկային. կարիքնաբուխ եւ բարի նպատակ ունեցող մղում մը։ Ապա այլ զօրքեր միջամտեցին ու այս պայքարի պտուղները ուզեցին սեփականացնել>>։
Թուալ պատրիարքը ապա աւելցուցած է ըսելով. <<չենք գիտեր դէպի ուր կ՛երթանք։ Մեր դիմաց մեծ վտանգ կայ ու կարելի չէ ժխտել այս իրողութիւնը։ Յոյսով ենք որ միջազգային հասարակութիւնը աշխատի համայն քաղաքացիներու բարիքին ի նպաստ, ըլլան անոնք քրիստոնեայ, տուրզի, հրեայ կամ մահմետական։ Ապա ակնարկելով հրեայ զինուոր Ժիլատ Շաէիտի ազատ արձակուելու լուրին մասին, Թուալ Պատրիարքը ըսած է որ եկեղեցին միշտ համաձայն է որ երկխօսութիւն հաստատուի իսրայելցիներու եւ պաղեստինցիներու միջեւ,եւ յոյս յայտնած է որ դրական ուրիշ քայլեր եւս առնուին եւ արձանագրուին այս ուղղութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.